image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Պալեան գերդաստանը ոգեկոչուեցաւ

Պոլսոյ մէջ. Պալեան գերդաստանը ոգեկոչուեցաւ

Պոլսահայ ճարտարապետներու «Հայճար» ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, օրերս, Պաղլարպաշըի գերեզմանատան մէջ ոգեկոչուած են Արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի անդմաները։ Անոնց շիրիմներուն վրայ հոգեհանգստեան կարգ կատարուեցած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Գեղեցիկ աւանդութիւն մը հաստատեցին «ՀայՃար» միութեան անդամները։ Արքունի ճարտարապետներ Պալեան գերդաստանի դամբարանի նորոգութենէն եւ բարեզարդումէն ետք, ամէն տարի Հոկտեմբերի առաջին Շաբաթ օրը, ոգեկոչման հանդիսութիւն կը սարքուի Պաղլարպաշըի գերեզմանատան մէջ։ Գնահատելի է որ համայնքային մեր վարժարաններէն աշակերտներ եւս կը մասնակցին արարողութեան։

Այս տարուայ ոգեկոչումը տեղի ունեցաւ 5 Հոկտեմբերին։ «ՀայՃար»ի անդամները, գլխաւորութեամբ իրենց ատենապետ Նազար Շիկահերի, խումբ մը աշակերտներու եւ ուսուցիչներու հետ հաւաքուեցան նախ Պալեաններու դամբարանի մօտ։ Ս. Խաչ գերեզմանատան վարչութիւնը, ասիական ափի եկեղեցիներու թաղականները նոյնպէս հոն էին եւ տանտիրոջ հանգամանքով կը դիմաւորէին բոլորը։

Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք այցելութիւն տրուեցաւ նաեւ Մատթէոս Զարիֆեանի ու Պետրոս Դուրեանի շիրիմները։