Ազգային մեծանուն եւ անմոռանալի բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան երէկ ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ, ուր 1956 թուականէն ի վեր կը գործէ իր անունով ստեղծուած հիմնարկը։ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ամէն տարի յուլիսի 20-ին կը վերյիշէ իր երախտաշատ հիմնադիրը։ Երէկ ալ այդ աւանդութիւնը շարունակուեցաւ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, այս տարուան ոգեկոչումներուն մասնակցեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ հրաւիրուած էր մասնակցելու ոգեկոչման ծրագրին։
Նորին Սրբազնութիւնը օրուայ սկիզբին այցելեց «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կեդրոնը, ուր հիւրընկալուեցաւ նորընտիր նախագահ Անթոնիօ Ֆէյժոյի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ հիմնարկի Հոգաբարձութեան մշտական անդամ Մարթին Եսայեան, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի շառաւիղներէն է, ինչպէս նաեւ հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց այս զրոյցը, որ ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Անթոնիօ Ֆէյժօ վերյիշեցին հայազգի այլ նշանաւոր դէմք մը՝ ամերիկահայ մտաւորական Վարդան Գրիգորեանը, որ մօտաւոր անցեալին մահացաւ՝ վառ յիշատակ մը թողլով իր ետին։ Ֆէյժօ յայտնեց, որ առիթն ունեցած էր Վարդան Գրիգորեանի հետ ծանօթանալու, երբ ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պրաունի համալսարանի գլուխը կը գտնուէր։
Լիզպոնի մէջ Նորին Սրբազնութիւնը առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Մարթին Եսայեանի հետ, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի դստեր՝ Ռիթա Կիւլպէնկեանի թոռն է։
Օրուայ սկիզբի այս հանդիպումներէն վերջ հիմնարկի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, ինչպէս նաեւ Լիզպոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանն ու կողակիցը միասնաբար ուղեւորուեցան դէպի «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի համալիրէն ներս գտնուող մեծ այգին, ուր կը գտնուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի արձանը։ Այս փուլին բոլորը ծաղկեպսակներ զետեղեցին արձանին մօտ եւ խոնարհեցան Գալուստ Կիւլպէնկեանի բարոյական ներկայութեան առջեւ։
Այս բոլորէն վերջ ոգեկոչման ծրագիրը շարունակուեցաւ մօտակայ Igreja de Nossa Senhora do Rosário de Fátima կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որմէ վերջ ալ հանգուցեալ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հոգւոյ խաղաղութեան համար աղօթք կատարուեցաւ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան արարողութեան աւարտին «Հոգոց» մը արտասանեց հանգուցեալի յիշատակին։ Ան նշեց, որ Գալուստ Կիւլպէնկեան աստուածավախ էր ու խոր հաւատքի տէր։ Ան լիովին կը գիտակցէր այն հնարաւորութիւնները, զորս Աստուած ամենասկիզբէն շնորհած է մարդկութեան։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի արտասովոր կեանքն ու ձեռքբերումները այդ հանգամանքի վկայութիւններն են։ «Աշխարհ այսօր կարիքն ունի Գալուստ Կիւլպէնկեանի նման անհատներու։ Ան թէեւ շատ հպարտ էր իր հայկական ինքնութեամբ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ համաշխարհային անհատականութեան մը առանձնայատկութիւններով օժտուած էր։ Միջազգային գետնի վրայ բարեգործական բազում ջանքեր գործադրած էր, որպէսզի մարդոց կեանքի որակը բարելաւուի՝ արուեստի, բարեգործութեան, գիտութեան ու կրթութեան միջոցաւ։ Այդ բոլորը զինքը դարձուցին լաւ տնտես մը եւ աշխարհի քաղաքացի», ըսաւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ աւելցուց, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկն ալ կը գործէ նոյն ուղղութեամբ, հիմնադրուած օրէն ի վեր կը շարունակէ աջակցիլ գիտութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ արուեստի զարգացման բազմաթիւ երկիրներէ ներս, նաեւ չ՚անտեսեր Հայաստանի եւ սփիւռքի կարիքները։
Եզրակացնելով իր խօսքը Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, որ Գալուստ Կիւլպէնկեանի կերպարը, ոգին կրնան զօրացնել մերօրեայ հայորդիները։ Ան մաղթեց, որ այդ ոգին շարունակէ գոյատեւել եւ ոգեկոչման աղբիւր դառնայ համաշխարհային այժմու առաջնորդներուն համար։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, հիմնարկի կեդրոնէն ներս սարքուեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, որուն մասնակցեցան ղեկավարութեան ներկայացուցիչներն ու բազմաթիւ բարձրաստիճան հիւրեր։
Երեկոյեան ալ Լիզպոնի կեդրոնի մեծ դահլիճներէն մէկուն մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեանի յիշատակին համերգ մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ «Կիւլպէնկեան» նուագախումբի, Խոսէ Էտուարտօ Կոմէսի մականին ներքեւ։ Յայտագրի սկիզբէն առաջ ելոյթներով հանդէս եկան Անթոնիօ Ֆէյժօ եւ Փորթուգալի նախագահ Մարսելօ Ռեպելօ տէ Սոուզա։ Համերգի սկիզբէն առաջ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան առիթն ունեցաւ ողջունելու նախագահ Տէ Սոուզան, որ ուրախութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան ներկայութեան համար։ Ներկայիս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի համալիրէն ներս, ժամանակակից արուեստի կեդրոնի ցուցադրասրահին մէջ կազմակերպուած է ամերիկահայ նկարիչ Արշիլ Կորքիի եւ փորթուգալցի արուեստագէտ Ժորժ Կէյրոսի ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ դեսպան Կարէն Նազարեան առիթէն օգտուելով շրջեցան նաեւ այս ցուցահանդէսը։