image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ. Համայնքային վարժարաններու տնօրէնը հիւր՝ Պատրիարքին

Պոլսոյ մէջ. Համայնքային վարժարաններու տնօրէնը հիւր՝ Պատրիարքին

Օրերս Պոլսոյ Պատրիարքարան այցելած եւ Պատրիարք հօր կողմէ ընդունուած է համայնքային վարժարանաց տնօրէնները։ 

Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 2 Մայիս 2024, Հինգշաբթի, ժամը 17.00-ին, ընդունեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները կամ ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Նորա Շէնեան։ 

Այցելութեան ընթացքին խորհրդակցութեան նիւթ դարձան յատկապէս համայնքային վարժարաններու մէջ կատարուած կրօնագիտութեան դասընթացքները եւ անոնց մասին զանազան մանրամասնութիւններ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, որոնք Պատրիարքական Աթոռոյ հրաւէրին ընդառաջելով ներկայ գտնուած էին այս խորհրդակցական ժողովին։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը յատկապէս շեշտեց մեր նոր սերունդին մեր հաւատքը եւ մեր մայրենին աւանդելու կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, որ այս մասին պէտք է կարելին ի գործ դնել։ Պատրիարք Հայրը մարդակերտումի գործին մէջ կարեւոր դեր ստանձնած իւրաքանչիւրին մաղթեց կարողութիւն եւ օրհնեց մեր վարժարաններու տնօրէններն ու բոլոր կրթական մշակները։