image

Պոլսոյ երիցագոյն Տէր Հօր՝ Արժ. Տ. Անդրէաս աւ. Քհնյ. Յակոբեանի կորուստը

Պոլսոյ երիցագոյն Տէր Հօր՝ Արժ. Տ. Անդրէաս աւ. Քհնյ. Յակոբեանի կորուստը

Պոլիսէն տխուր լուր ստացանք. իր մահկանացուն կնքած է պոլսահայ համայնքի երիցագոյն միաբան հանդիսացող՝ Արժ. Տ. Անդրէաս աւ. քհնյ. Յակոբեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Երկար տարիներ նուիրական գործունէութեամբ առանձնացող Տէր Հայրը սիրուած էր իր շրջապատին կողմէ։ Ան երկար տարիներ գործած էր, որպէս Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւագերեց ու դարձած էր իսկական հայր իր ծխայիններուն, թէ համայնքի զաւակներուն։

Խոնարհութեամբ կը յիշատակենք իր անունը եւ ստորեւ կը ներկայացնենք վերջին շրջանին իր ծառայած եկեղեցւոյ Նառլըգաբուի Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջին գրառումը։

Նառլըգաբուի Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյս թաղային խորհուրդը,տիկնանց կազմը եւ երիտասարդաց միութիւնը խոր սրտաբեկութեամբ կը գուժեն մահը ,Սուրբ Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ,Պատրիարքական Աթոռին երիցագոյն անդամը,անխոնջ սպասաւոր Արժ.Տ Անդրէաս Ա.Քհնյ. Յակոբեանի,որ տեղի ունեցաւ այս առտու:

Այս դառնակսկիծ մահուան առթիւ մեր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Պոլսոյ Պատրիարքական Ս.Աթոռին,լուսահոգի Տէր Հօր երեցկնոջ,զաւակներուն,Արժ.Տ Նաթան Քհնյ.Արապեանին եւ մեր բոլոր ժողովուրդին։

Աղօթող ենք որ Աստուած լուսաւոր խորաններուն մէջ հանգստացնէ իր բարի սպասաւորին հոգին եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն պարգեւէ համայն պարագաներուն եւ յարգելի մեր ժողովուրդին։