image

Պոլսահայ պատանին միջազգային մրցանքի ախոյեան

Պոլսահայ պատանին միջազգային մրցանքի ախոյեան

Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի 9-րդ դասարանի աշակերտներէն Նարեկ Պալ վերջերս ճատրակի մէջ բացառիկ յաջողութիւն մը արձանագրեց՝ նուաճելով միջազգային մրցաշարքի մը ախոյեանի տիտղոսը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Պոլսոյ «Ժամանակ»էն:

Աղբիւրը կը նշէ, որ անցեալ շաբաթավերջին Նարեկը մասնակցեցած է Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքի մը։ Պէյօղլուի քաղաքապետութեան եւ Պէյօղլուի Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի շրջանային տնօրէնութեան համատեղ հովանաւորութեամբ կեանքի կոչուած ծրագիր մըն էր այս մէկը՝ 15 յուլիսի ժողովրդավարութեան յաղթանակին առթիւ։

Նարեկ Պալ մրցաշարքին մասնակցեցաւ մինչեւ 18 տարեկաններու դասաւորման մէջ։ Ընդհանուր առմամբ 81 հոգի կար այս տարիքային դասաւորման խումբին մէջ։ Երկու օր մրցակցութիւնը ընթացաւ շուրջօրեայ։ Ի վերջոյ Նարեկ Պալ դարձաւ մրցաշարքին ախոյեանը՝ շնորհիւ իր կեդրոնացումին, յաջող մարտավարութեան ու յամառ պայքարին։ Իր տարիքին համեմատ ան իսկապէս մեծ վարպետութիւն ցուցաբերեց, ինչ որ ապահովեց այս բացառիկ յաջողութիւնը։ Իր նուաճած արդիւնքը մեծ ուրախութեան առիթ դարձած է Մխիթարեան վարժարանէն ներս, ուր Նարեկ Պալի հետ աշխատած է նաեւ ճատրակի ուսուցիչ Ռուբէն Ասաթուրօղլու։