Պոլսոյ մէջ, օրերս, հրապարակուած է ալպոմ-գրքոյկ մը՝ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ անցեալ գարնան տեղի ունեցած արարողութիւնները պատկերող։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան նախընթաց օր այցելեց խմբագրատունս ու մեզի նուիրեց Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման առթիւ անցեալ գարնան տեղի ունեցած արարողութիւններուն շուրջ պատրաստուած ալպոմ-գրքոյկը։ Թէ՛ պատմական տեղեկութիւններով եւ թէ յիշեալ արարողութիւններուն վերաբերեալ վառ դրուագներով գրքոյկ մըն է այս մէկը, որ հրատարակուած է երկլեզու։
Գրքոյկին մէջ տեղ գտած են նաեւ յիշեալ արարողութիւններուն շուրջ համայնքային մամլոյ արձագանգները։