image

Պրիւքսէլի մէջ. Եւրոպական միջնորդութեամբ պիտի կայացուի Փաշինեան- Ալիեւ հանդիպումը

Պրիւքսէլի մէջ. Եւրոպական միջնորդութեամբ պիտի կայացուի Փաշինեան- Ալիեւ հանդիպումը

Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է հասցէագրուին Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմներու շրջածիրէն ներս, իսկ Հայատանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պէտք է խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի։ Այս մասին կառավարութեան նիստի ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Վաշինգտոնում վերջերս տեղի ունեցած ՀՀ-Ադրբեջան բանակցութիւններում արձանագրուած արդիւնքը շօշափելի չէ, բայց կայ որոշակի առաջընթաց։ Առաջիկայում Բրիւսելում սպասւում է իմ հանդիպումը Ադրբեջանի նախագահի հետ՝ Եւրոպական Միութեան խորհրդի նախագահի միջնորդութեամբ։

Ցաւօք Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի տեքստը դեռ պատրաստ չէ ստորագրման, յոյս ունեմ առաջիկայ հանդիպման ընթացքում առարկայացնել Վաշինգտոնում արձանագրուած դրականը, բոլոր հարցերը պէտք է լուծենք դիւանագիտական ճանապարհով»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։