Պրիւքսէլի մէջ առաջիկայ կիրակի նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ-Միշել հանդիպումը հնարաւոր չէր ըլլար կազմակերպել, եթէ կողմերը մինչ այդ առաջընթաց չունենային Ուաշինկթոնի մէջ: Այս մասին «Ազատութեան» հաղորդած է Եւրոմիութեան (ԵՄ) բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը՝ անանուն մնալու պայմանով։
Ըստ այդ դիւանագէտի՝ մայիս 14-ին կայանալիք հանդիպումը Եւրոմիութեան շարունակական դիւանագիտական ջանքերու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած յաջող բանակցութիւններու արդիւնքն է։
«Եթէ ուաշինկթոնեան հանդիպումը գոհացուցիչ չըլլար, անկէ ետք եւս մէկ քննարկում կազմակերպելը իմաստ չէր ունենար», -հաղորդած են եւրոպական աղբիւրները:
Պրուքսէլի միջնորդութեամբ հանդիպումները դադրած էին կէս տարի առաջ․ վերջինը տեղի ունեցած էր անցած հոկտեմբերին, Պրակայի մէջ, ուր Ալիեւ-Փաշինեան-Միշել եռեակին միացած էր նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանյուէլ Մաքրոնը։
Հայկական կողմը, իր հերթին, յայտարարած էր, թէ կ'ուզէ պահպանել Մաքրոնի մասնակցութիւնը։ Տարաձայնութիւնը հարթելու համար Պրիւքսէլը անցած ամիսներուն շարունակական շփման մէջ եղած է կողմերու հետ՝ փորձելով գտնել երկուստեք ընդունելի լուծում։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու՝ այս հարցով որոշիչ եղած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի վերջին այցը տարածաշրջան, որ ցանկալի արդիւնքը չէ տուած՝ ակնյայտ դարձնելով, թէ՛ կողմերու, թէ՛ Փարիզի համար, որ պէտք է գտնել փոխզիջումային տարբերակ։ Ըստ այդմ, Երեւանը համաձայնած է նախ մէկ հանդիպում կայացնել առանց Ֆրանսայի նախագահի, մօտ երկու շաբաթէն ալ շարունակել քննարկումը՝ Ֆրանսայի նախագահի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ։ Ատրպէյճանական աղբիւրները պնդած են, թէ այդ եղած է Պաքուի պայմանը՝ Մաքրոնի միջնորդութեան համաձայնելու համար։
Կողմերը նաեւ համաձայնած են շարունակել եռակողմ հանդիպումները Պրիւքսէլի մէջ այնքան յաճախ, որքան անհրաժեշտ կ'ըլլայ:
Առաջիկայ հանդիպման մասին որոշ տեղեկութիւններ յայտնի դարձած են նաեւ ամերիկեան Pօlitico-ին։
«Մենք այդ հանդիպումը կը դիտարկենք որպէս պրիւսէլեան եռակողմ ձեւաչափի վերսկսում եւ անցած շաբաթ Ուաշինկթոնի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր եւ դրական քննարկումներու շարունակութիւն»,-ըսած են եւրոպացի դիւանագէտները։