Հեռաւոր Պրազիլիոյ մէջ տեղի ունեցած է Տեառնդառաջի հոգեպարար տօնախմբութիւնը։
Տօնը նշուած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ, որուն նախագահած Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան։Սրբազանը այս առթիւ հանդէս եկած է յաւուր պատշաճի խօսքով յոյս ունենալով, որ տօնը կ՚ունենայ ներհուն անդրադարձ հայ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ։
Նշենք նաեւ, որ Սուրբ Պատարագի աւարտին վառուած է խարոյկը, հանդիսապետութեամբ Սրբազան հօր, որմէ ետք ալ տեղի ունեցած է օրուայ խորհուրդը հաղորդող մշակութային միջոցառում։ Տարբեր առիթներով գրած են Պրազիլիոյ թեմին մասին, ուր երիտասարդ ներուժի ազգային-եկեղեցական կեանքին մաս կազմել տալու ճիգերը կը շարունակեն խանդավառութիւն ստեղծել համայնքային շրջանակներուն մօտ, եւ այդ աշխատանքներուն յատուկ ճիգ եւ ներուժ կը հաղորդէ համայնքի երիտասարդ եւ կարող Առաջնորդ Սրբազանը։

