image

Պրազիլիոյ Թեմ. Մեծ շուքով նշուած է «Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածին» տօնը (Լուսանկար)

 Պրազիլիոյ  Թեմ. Մեծ շուքով նշուած է  «Կաթողիկէ Սուրբ  Էջմիածին» տօնը (Լուսանկար)

   Վարչական մարմիններու ինչպէս նաեւ հոգևորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդի կողմէ մեր յատուկ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք բարեջան առաջնորդ Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանին: Անոր կատարած աշխատանքերը այսօր կանգուն եւ հաստատուն կը պահեն մեզ բոլորիս:

 

 

 Պրազիլիոյ Թեմի   Դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝

 

 

 Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ  Եկեղեցւոյ   Պրազիլիոյ  Թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետութեամբ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ: Յընթացս պատարագի «Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի» տօնի առթիւ կատարուեցաւ «Հայրապետական մաղթանք»՝ Սուրբ Էջմիածնի եւ անոր գահակալի՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի համար անսասանութիւն եւ արևշատութիւն հայցելով  Ամենակալ Տիրոջմէ: 

Պատարագէ  յետոյ իրենց առաջին ելոյթով հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացաւ «Եկեղեցւոյ ձայն» թեմապատկան պատանեկան երգչախումբը: Սաները հանդիսատեսին հրամցուցին  հայ եւ օտար հեղինակներու հոգեպարար ստեղծագործութիւններ: Երգչախումբի ստեղծման միտքը առաջնորդ սրբազան հօրն է. ամիսներ առաջ սկսած անոր տեսիլքը  այսօր կեանքի կոչուեցաւ եւ  սրբազան հօր ղեկավարմամբ ալ տեղի ունեցաւ առաջին ելոյթը: 

Շնորհակալութիւն նաև դաշնակահարուհի Տաթեւիկ Միքայէլեան-Եկիներեանին որ իր մեծ ներդրումը ունեցաւ այս գործին մէջ: 

Բազում երախտիքի խօսքեր նաև ներկայ հաւատացեալ մեր սիրելի եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Սրբազան Հայրը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց նաև սաներուն ինչպէս նաև դաշնակահար Ռոժէրիօ Անիթապլեանին որ մի քանի համարներով նոյնպէս հանդէս եկաւ ներկաներուն:

Համերգի վերջաւորութեան սրբազան հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացուց, որ երգչախումբը կարիք ունի նոր դաշնամուրի։ Տիար Յակոբ Կերեքմեզեանը ընդառաջեց սրբազան հօր խնդրանքին՝ նուիրելու նոր ժամանակակից դաշնամուր:

Թեմի Ներկայացուցչական եւ Վարչական մարմիններու ինչպէս նաեւ հոգևորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդի կողմէ մեր յատուկ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք բարեջան առաջնորդ Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանին: Անոր կատարած աշխատանքերը այսօր կանգուն եւ հաստատուն կը պահեն մեզ բոլորիս: