image

Պլինքընէն վերահաստատում՝ Զելենսքիին. «Մենք վճռական ենք»

Պլինքընէն վերահաստատում՝ Զելենսքիին. «Մենք վճռական ենք»

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը Տաւոսի տնտեսական համաժողովին կայացած հանդիպման ժամանակ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիին հաւաստիացուցած է, որ Ուաշինկթընը մտադիր է շարունակել աջակցութիւնը Քիեւին՝ հակառակ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Ուքրանիոյ համար նոր ֆինանսաւորման հաստատման հետ կապուած տարաձայնութիւններուն: 

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ հանդիպման տեսանիւթը տարածած է Kanal 13 ալիքը։

«Մենք լի ենք վճռականութեամբ`շարունակելու մեր աջակցութիւնն Ուքրանիոյ, եւ շատ սերտօրէն կը համագործակցինք Քոնկրեսի հետ՝ ատոր հասնելու համար: Գիտեմ, որ մեր եւրոպացի գործընկերները նոյնը կ՚ընեն»,- գործակալութիւնը մէջբերած է Պլինքընի խօսքերը:

Իր հերթին Զելենսքին շնորհակալութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին՝ աջակցութիւնը շարունակելու համար։ Զելենսքին շեշտած է, որ Ուաշինկթընի աջակցութիւնը Քիեւին շատ կարեւոր է եւ կ՚օգնէ դիմակայելու Ռուսիոյ յարձակումներուն։