image

Պլինքըն ժամանած է Իսրայէլ

Պլինքըն ժամանած է Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ժամանած է Իսրայէլ՝ երկրի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու համար:

Ինչպէս գրած է The Guardian-ը, Պլինքընին հաւանաբար դժուար հանդիպումներ կը սպասեն, քանի որ Միացեալ Նահանգները ճնշում կը գործադրէ Իսրայէլի վրայ՝ ՀԱՄԱՍ-ի դէմ պատերազմին կիրառուող մեթոտներու առնչութեամբ:

Պլինքըն Իսրայէլ ժամանած է երկուշաբթի ուշ երեկոյեան՝ Սէուտական Արաբիայէն, ուր թագաժառանգ Մուհամմետ պըն Սալմանի հետ բանակցութիւններ վարած է Կազայի ապագայի վերաբերեալ:

Ան նշած է, որ արաբական աշխարհի առանցքային երկիրները եւ Թուրքիան պայմանաւորուած են սկսիլ Կազայի վերականգնման եւ կառավարման ծրագրումը, երբ աւարտի Իսրայէլի պատերազմը ՀԱՄԱՍ-ի դէմ:

«Ես առաջ կը մղեմ բացարձակ հրամաեականը՝ աւելին ընել խաղաղ բնակիչները պաշտպանելու համար եւ աւելին ընել՝ համոզուելու համար, որ մարդասիրական օգնութիւնը կը յայտնուի անոնց ձեռքը, որոնք ատոր կարիքն ունին», -ըսած է Պլինքըն: