image
Հրատապ լուրեր:

Պլինքըն- Միրզոյեան քննարկում

Պլինքըն- Միրզոյեան  քննարկում

Նոյեմբեր 29-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Հանդիպումը կայացած է Սքոփյէի մէջ՝ ԵԱՀԿ նախարարական համաժողովի շրջածիրէն ներս։ Յայտնած են ՀՀ ԱԳՆ-էն:

Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան առնչուող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն։ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է, որ հակառակ Ատրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած ոչ կառուցողական կեցուածքին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուած էթնիք զտմանն ու առկայ մարդասիրական խնդիրներուն՝ ՀՀ-ն Ատրպէյճանին փոխանցած է խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի վերաբերեալ առաջարկները՝ յայտնի սկզբունքներուն համապատասխան, եւ վերջիններուս Ատրպէյճանի յստակ յանձնառութեան պարագային հնարաւոր կ՚ըլլայ նախագիծի համաձայնեցման ուղղութեամբ գրանցել էական առաջընթաց։

Անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանային ծրագրերու, որոնց ծիրէն ներս Նախարար Միրզոյեանը վկայակոչած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ ընդգծելով նաեւ տարածաշրջանի կայունութեան համար ատոր իրականացման շնորհիւ ակնկալուող առաւելութիւնները։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձած են հայ-ամերիկեան երկկողմ օրակարգին։ Միտքեր փոխանակած են երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու վրայ առկայ համագործակցութեան ու ատոնց ընդլայնման հեռանկարներու շուրջ։