Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց ունեցած են:
Լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան հարցը, Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացները, F-16-երու գնման եւ արդիականացման, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ հացահատիկային համաձայնագրի հարցերը։