ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթոնի Պլինքըն ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի շրջանակին մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ քննարկած է իրավիճակը Աֆղանիստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Այս մասին յայտարնած է պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանին ԱՄՆ-ի մասնակցութեան վերաբերեալ ճեպազրոյցին ընթացքին:
«Հանդիպումը, որ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուի հետ, տեւած է մօտ մէկ ժամ: Ի հարկէ, անոնք քննարկած են Աֆղանստանը, խօսած են նաեւ Սուրիոյ մասին: Բացի այդ, անոնք համեմատաբար երկար զրոյց ունեցած են Կովկասի՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին», ըսած է պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը: