image
Հրատապ լուրեր:

PKK-ի Զինեալներ Կը Յարձակին AKP Կուսակցութեան Տիարպէքիրի Կեդրոնին Վրայ

PKK-ի  Զինեալներ  Կը Յարձակին AKP Կուսակցութեան Տիարպէքիրի  Կեդրոնին  Վրայ

Թուրքիա(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը PKK-ի զինեալներ հարուածած են իշխող «Արդարութիւն Եւ  Զարգացում» կուսակցութեան (AK կուսակցութիւն) Տիարպէքիրի մասնաճիւղը: Հարաւարեւելեան նահանգէն, ուր յարձակումը տեղի ունեցած էր,  խումբ մը դիմակակիր զինեալներ,  գործածած են  պայթուցիկ, ինքնաշէն սարքեր:Ըստ տեղական աղբիւրներու, դիմակակիր PKK-ի անդամներ երկու ռումբ նետած են կուսակցութեան մասնաճիւղի մուտքին առջեւ, որ կը գտնուի Շանլիուրֆա մայրուղիի վրայ, կեդրոնական Տիարպէքիրի Գայաբինար շրջանին մէջ: Ապահովական ուժերը անմիջապէս կրակ բացած են պայթուցիկներուն վրայ, օդի մէջ եւ լայնածաւալ հակաահաբեկչական գործողութիւն մը սկսած է քաղաքին մէջ ահաբեկիչները յայտնաբերելու: Ապահովական մեծ միջոցառումներ ձեռք առնուած են ոլորտին մէջ: Մուհամէտ Տարա Անգար, Տիարպէքիրի մէջ AK կուսակցութեան պարագլուխը, յարձակման մասին տեղեկացուած է ոստիկանութեան  միջոցաւ: Թրքական կառավարութիւնը աշխուժացուցած է իր յետախուզական գործողութիւնները, հետապնդելով PKK-ի կողմէ իրականացուած վերջին յարձակումները, որ Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական երկիրներու եւ Թուրքիոյ կողմէ նկատուած են  որպէս ահաբեկիչ կազմակերպութիւն:«Տէյլի Սապահ» նաեւ  կը գրէ, թէ 1978-ին ձեւաւորուած ահաբեկչական խումբը մինչեւ 2000 թուականի սկիզբները, մարտեր մղած էր թրքական կառավարութեան դէմ անկախ պետականութիւն մը ունենալու, ապա խումբը փոխած է իր նպատակը, մասամբ ինքնավար դարձնելու, Թուրքիոյ Քիւրտերով բնակեցուած շրջանները: