Ամերիկացի գործարար, միլիառատէր, Microsoft ընկերութեան հիմնադիր Պիլ Կէյթցը կանխատեսած է, որ «Քորոնա»ի «Օմիքրոն» հիմնամանրէով պայմանաւորուած ալիքը կը տեւէ մօտ երեք ամիս, սակայն համավարակը կրնայ աւարտիլ անով:
«Երբ կը թուի, թէ կեանքը կը վերադառնայ իր բնականոն հունին, կրնանք յայտնուիլ համավարակի վատագոյն շրջանին: Այս բոլորին մէջ լաւ լուրը այն է, որ «Օմիքրոն»ը այնքան արագ կը տարածուի, որ երբ այն գերիշխող դառնայ երկրի մը մէջ, ալիքը այդ երկրին մէջ կը տեւէ 3 ամիսէն աւելի քիչ: Այդ քանի մը ամսուան մէջ կրնայ վատ ըլլալ, սակայն ես դեռ կը հաւատամ, որ եթէ ճիշտ քայլեր ընենք, համավարակը կ'աւարտի 2022 թուականին», իր թուիթըրեան էջով գրած է Կէյթցը:
Վերջինս յաւելած է, որ «համավարակը օր մը կ'աւարտի, եւ որքան լաւ խնամենք միմեանց, այդ օրը ավելի շուտ կու գայ»: