image

Փութինն ու Ալիեւը դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր կը ստորագրեն

Փութինն ու Ալիեւը դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագիր կը ստորագրեն

Կողմերը ձեռնպահ կը մնան միմեանց դէմ ուղղուած որեւէ գործողութենէ, այդ շարքին՝ երրորդ պետութիւններու միջոցով իրականացուող:

 

Ռուսաստանը եւ Ատրպէյճանը պայմանաւորուած են դիտարկել միմեանց ռազմական օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը` անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման նպատակով:

«Անվտանգութեան ապահովման, խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման նպատակով Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը կրնան դիտարկել փոխադարձ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնը` հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, առանձին միջազգային պայմանագրերու վրայ եւ հաշուի առնելով գործող միջազգային իրաւունքը», այս մասին կ'ըսուի ռուս-ատրպէյճանական դաշնակցային համագործակցութեան մասին հռչակագրին մէջ:

«Կողմերը ձեռնպահ կը մնան միմեանց դէմ ուղղուած որեւէ գործողութենէ, այդ շարքին՝ երրորդ պետութիւններու միջոցով իրականացուող», նաեւ կ'ըսուի փաստաթուղթին մէջ, որ Վլատիմիր Փութինն ու Իլհամ Ալիեւը ստորագրած են:

Քրեմլի ղեկավարը յայտնած է, որ այս փաստաթուղթի ստորագրմամբ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման նոր փուլի սկիզբ կը դրուի: Ալիեւ իր հերթին ըսած է, որ հռչակագիրը դրական նշանակութիւն պիտի ունենայ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան համար: Ատրպէյճանի առաջնորդին խօսքերով` փաստաթուղթը բաղկացած է աւելի քան քառասուն կէտէ եւ կ'ընդգրկէ երկկողմ համագործակցութեան կարեւորագոյն ոլորտները: