ՌԴ-ի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին օրէնք ստորագրած է զինուորական ծառայութեան պայմանագիր կնքած օտարազգիներուն ՌԴ քաղաքացիութեան պարզեցուած կարգով տրամադրման մասին։ Համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է իրաւական տեղեկատւութեան պաշտօնական կայքով։
Նոր կանոնները կը վերաբերին օտարազգիներուն, որոնք զինուորական պայմանագիր կնքած են առնուազն մէկ տարի ժամկէտով։ Անոնք կրնան Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ստանալու համար դիմել առանց կացութեան թոյլտւութեան, ինչպէս նաեւ առանց երկրին մէջ հինգ տարի մշտական բնակութեան նախապայմանի։
Յիշեցնենք, որ 21 սեպտեմբերին, ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին մասնակի զօրահաւաքի մասին հրամանագիր ստորագրած է:
«Ռուսիան, անոր ինքնիշխանութիւնն ու ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար անհրաժեշտ կը համարեմ աջակցիլ մասնակի զօրաշարժ կատարելու առաջարկին: Զօրակոչի կ'ենթարկուին միայն պահեստային գտնուող քաղաքացիները, անոնք լրացուցիչ վերապատրաստում կ'անցնեն՝ հաշուի առնելով յատուկ գործողութեան փորձը: Այսօրուընէ կը մեկնարկեն զօրահաւաքային աշխատանքները», - ըսած է ՌԴ-ի նախագահը:
Անոր խօսքով՝ յատուկ ռազմական գործողութեան մասնակցող զօրաշարժի ենթարկուած անձինք կը ստանան վարձատրութիւն եւ պայմանագրով ծառայող զինուորականի կարգավիճակ:
«Արեւմուտքը հատած է բոլոր սահմանները, անպատասխանատու քաղաքական գործիչները կը խօսին Ուքրանիոյ յարձակողական զէնքի մատակարարման, Ռուսիոյ դէմ ռազմական հարուածներու մասին: Արեւմտեան երկիրները Քիեւը կը մղեն ռազմական գործողութիւնները Ռուսիոյ տարածք տեղափոխելու համար», - ըսած է Փութին:
Յիշեցնենք, որ ՌԴ-ն 24 փետրուարէն ի վեր յատուկ ռազմական գործողութիւն կը կատարէ Ուքրանիոյ մէջ: