image

Փութին եւ Ռայիսի կը քննարկեն ուքրանական իրավիճակը

Փութին եւ Ռայիսի կը քննարկեն ուքրանական իրավիճակը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ հեռախօսազրոյցով տեղեկացուցած է Ուքրանիոյ շուրջ իրավիճակի զարգացման մասին` յատուկ ռազմական գործողութիւն կատարելու որոշման ծիրին մէջ: 

«Վլատիմիր Փութին տեղեկացուցած է Ուքրանիոյ շուրջ իրադրութեան զարգացման մասին` Տոնպասի հանրապետութիւններու խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան համար յատուկ ռազմական գործողութիւն կատարելու որոշման ծիրին մէջ` միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն հետ բարեկամութեան եւ փոխօգնութեան համաձայնագրերու վերաբերեալ պարտաւորութիւններուն համապատասխան», յայտնած են Քրեմլէն:

Իր հերթին, Իրանի նախագահը հասկցուցած է անվտանգութեան ոլորտին մէջ ռուսական մտահոգութիւնները ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի ապակայունացնող գործողութիւններուն պատճառով:

Փութինը եւ Ռայիսին քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ գործարքի կատարման յառաջընթացը:

Քննարկուած են Իրանի միջուկային ծրագրի պահպանման եւ լիարժէք կատարման նպատակով դիւանագիտական ջանքերուն վերաբերող հարցեր: Կը նշուի, որ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ վերջնական պայմանաւորուածութեան հասնիլը պիտի նպաստէ տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման: