image

Փութին-Էրտողան քննարկում

Փութին-Էրտողան քննարկում

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Թայէպ Էրտողան հեռախօսով քննարկած են Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը եւ երկկողմ յարաբերութիւնները: Տեղեկութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակը։

«Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած քայլերը եւ ռուս-ուքրանական պատերազմի հետ կապուած իրադարձութիւնները», - ըսուած է հաղորդագրութեամբ։