image
Հրատապ լուրեր:

Փութին դէմ չէ հանդիպելու Զելենսքիի հետ

Փութին դէմ չէ հանդիպելու Զելենսքիի հետ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցին տեղեկացուցած է, որ դէմ չէ հանդիպելու Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ:

Փութինի դիրքորոշման մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Դիւանագէտը պատմած է, որ Անգարան ջանքեր կը գործադրէ պետութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը կազմակերպելու համար: Անոր խօսքով` նման նախաձեռնութիւն եղած է նաեւ նախքան Ուքրանիոյ տարածքին Ռուսաստանի ռազմական գործողութեան մեկնարկը:

«Ուքրանական կողմը պատրաստ է: Կողմերը Պելառուսիոյ մէջ թեքնիք հարցերը կը քննարկեն», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյցը կայացած էր Մարտ 6-ին: Մինչ այդ յայտնի դարձած էր, որ Էրտողանի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Զելենսքին Փութինի հետ Անգարայի կամ Սթամպուլի մէջ հանդիպելու պատրաստակամութիւն յայտնած էր: