image

Փութին- Ասատ բանակցութիւնները տեւած են 3 ժամ

Փութին- Ասատ բանակցութիւնները տեւած են 3  ժամ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, 15 մարտին, Քրեմլինի մէջ ընդունած է սուրիացի իր պաշտօնակցին՝ Պաշար Ասատը։

Երկու երկիրներու համատեղ ջանքերու շնորհիւ զգալի յաջողութիւններ գրանցուած են միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, յայտարարած է Փութին։

Ռուսիոյ նախագահն ընդգծած է, որ ձեռք բերուած արդիւնքները «հնարաւորութիւն կու տան կայունացնելու ընկերային-տնտեսական ու ներքաղաքական իրավիճակը», հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։

Սուրիոյ նախագահը, իր հերթին, շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն Սուրիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով ցուցաբերած օգնութեան համար։

Թրքական աղբիւրներու համաձայն՝ մարտ 15-16-ը Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու հանդիպումը: