image

Փենթակոն յայտարարած է Ուքրանիոյ հակամարտութեան վճռական փուլ մտնելու մասին

Փենթակոն յայտարարած է Ուքրանիոյ հակամարտութեան վճռական փուլ մտնելու մասին

Ուքրանիոյ մէջ մարտերը մտած են վճռական փուլ, եւ Արեւմուտքը պիտի շարունակէ ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել Քիեւին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը։

«Սա հակամարտութեան վճռական փուլն է, եւ մեր հաւաքական աջակցութիւնն Ուքրանիոյ կենսական եւ անհրաժեշտ է: Մենք Ուքրանիան պիտի ապահովենք արհեստագիտութիւններով, զինամթերքով եւ կրակային ուժով», - նշած է Օսթին:

Անոր ելոյթի ձայնագրութիւնը հրապարակուած է Defense Flash News-ի YouTube-ի ալիքով: