Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Քրեմլի մամուլի ծառայութենէն յայտնած են, որ քննարկուած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու միջեւ 9 նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 յունուար 2021-ի Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման առանձին գործնական ձեւերը:
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել շփումները տարբեր մակարդակներու վրայ: