image

Փաշինեան-Փութին հեռախօսազրոյց

Փաշինեան-Փութին  հեռախօսազրոյց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ռուսական երկկողմ օրակարգի շարք մը հարցերու, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակին:

Կողմերը քննարկած են Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններու կատարման ընթացքը:

Միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի գործունէութեան, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման գործընթացի ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն շուրջ: