Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը սեպտեմբեր 26–27-ը աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն:
Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի 80-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ հանդէս պիտի գայ նստաշրջանի բարձրաստիճան քննարկումներու հատուածին մէջ։
Այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է նաեւ վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ։