image

Փաշինեան մասնակցեցաւ՝ ծառատունկի

Փաշինեան  մասնակցեցաւ՝ ծառատունկի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի եւ դուստրերու հետ Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի շրջակայ տարածքին մէջ մասնակցած է Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած ծառատունկին: Միջոցառման ընտանիքի հետ մասնակցած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Աւինեան:

Վարչապետին զեկուցուած է, որ տարածքին մէջ հիմնուած է ժամանակակից ոռոգման համակարգ:

Այսօրուան ծառատունկը կայացած է Ծիծեռնակաբերդին յարակից տարածքին եւ Սարալանջի մէջ՝ 10 հեքթար տարածքի վրայ: 

Կեանքի կոչուող ծրագրով պիտի հիմնուին անտառ-տնկարկ: Կատարուած է սանիտարական եւ ծառատունկի նպատակով իրականացուած են խրամատներու փորման աշխատանքներ: Ընդհանուր առմամբ, այսօրուան ընթացքին պիտի տնկուի շուրջ հինգ հազար ծառ եւ երեք հազար թուփ:

Այսօր պիտի տնկուին հիմնական Երեւանի քաղաքապետարանի  «Կանաչապատում եւ շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն» ՀՈԱԿ-ի Ջերմոցատնկարանային վարչութեան կողմէ աճեցուած տնկիները։

Փաշինեան իր դիմատետրեան էջին տեսանիւթ հրապարակած է, որուն կից գրած է. «Այսօր առաւօտեան Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի շրջակայ տարածքին ընտանիքով մասնակցեցանք Երեւանի քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած ծառատունկին:

Ընդհանուր առմամբ, այսօրուան ընթացքին մայրաքաղաքին մէջ պիտի տնկուի շուրջ հինգ հազար ծառ եւ երեք հազար թուփ»: