image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին ընդհանուր վիճակի մասին զեկուցեց

Փաշինեան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին ընդհանուր վիճակի մասին զեկուցեց

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն կառավարութենէն։

Վարչապետն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ձեռնարկուած լայնածաւալ յարձակման ու անոր հետեւանքներուն: Կառավարութեան ղեկավարը կարեւորած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ Հայաստանի դիմումի հիման վրայ տեղի ունեցած քննարկումներն ու ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու կողմէ ատրպէյճանական յարձակման վերաբերեալ յստակ ու հասցէական դիրքորոշումներու արտայայտումը:

Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու անյապաղ դուրսբերման վերաբերեալ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը եւ հետեւողական ու շարունակական ուշադրութեան անհրաժեշտութիւնը` Ատրպէյճանի նոր յարձակումները կանխելու համար: Կառավարութեան ղեկավարն անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն եւ քաղաքացիական բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման փաստերուն:

Անթոնիօ Կութերեշն իր մտահոգութիւնները արտայայտած հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան պահպանման վերաբերեալ եւ կարեւորած տարածաշրջանային խնդիրներու` խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորումը: