image

Փաշինեան Ատրպէյճանի յարձակիլը հաւանական կը նկատէ. Ան խօսած է «Telegraph»ին

Փաշինեան Ատրպէյճանի յարձակիլը հաւանական կը նկատէ. Ան խօսած է «Telegraph»ին

Մենք կը շարունակենք բարեփոխումներու ճանապարհը Հայաստանի դիմակայունութիւնը մեծցնելու եւ բարձրացնելու վերաբերեալ: Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային ապակայունացման եւ ատոր ուղղուած քայլերուն, ի հարկէ, որեւէ բանական մարդու մօտ այդ մտավախութիւնները կ՚առաջացնէ:

Այս մասին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ «The Telegraph»-ին տուած հարցազրոյցին:

Լրագրողի հարցին, արդեօք Փաշինեանը վախ ունի, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կրնայ սկսիլ 3-րդ պատերազմը, ան պատասխանած է։

«Վախը ճիշդ բառ չէ օգտագործելու համար, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական, զարգացող պետութիւն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ինչպէս արդէն ասացի, իրականացնում է լայնածաւալ բարեփոխումներ իր երկրի դիմակայունութիւնը բարձրացնելու համար, եւ իմիջիայլոց, վերջին տարիներին կարծում եմ միջազգային հանրութիւնը տեսաւ եւ մեր հանրութիւնն էլ տեսաւ, որ մեր երկրի դիմակայունութիւնն էականօրէն բարձրացել է: Մենք շարունակում ենք բարեփոխումների ճանապարհը Հայաստանի դիմակայունութիւնը մեծացնելու եւ բարձրացնելու վերաբերեալ: Ինչ վերաբերում է տարածաշրջանային ապակայունացմանը եւ դրան ուղղուած քայլերին, ի հարկէ, ցանկացած բանական մարդու մօտ դա առաջացնում է մտավախութիւններ»: 

Ըստ Փաշինեանի, շատ կարեւոր է, որ մենք արձանագրենք մեր յարաբերութիւններու միջպետական բնոյթը:

«Թէպէտ մենք դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունենք՝ ես պարտաւոր եմ յղուել մեր կողմից ստորագրուած փաստաթղթերի վրայ: Ես արդէն ասացի, որ մենք Ադրբեջանի հետ ունենք ստորագրած փաստաթուղթ՝ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման վերաբերեալ: Եթէ այս տրամաբանութեամբ նայենք եւ եթէ Ադրբեջանը չի յարգում կամ չպիտի յարգի իր իսկ կողմից ստորագրած փաստաթղթերը, ուրեմն Ադրբեջանը կարող է յարձակուել ցանկացած երկրի վրայ, ինչո՞ւ միայն Հայաստանի վրայ: Նայէք Ադրբեջանի շուրջը, եթէ ինքն իր միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները չի յարգում, ուրեմն կարող է ցանկացած իր հարեւան երկրի վրայ յարձակուել, եթէ այդպէս է»,-ըսած է ան: