image

Փաքիստանի նախկին վարչապետ Օմրան Խան ձերբակալուեցաւ

 Փաքիստանի  նախկին վարչապետ Օմրան Խան ձերբակալուեցաւ

Փաքիստանի նախկին վարչապետ եւ ընդդիմադիր «Շարժում յանուն արդարութեան» կուսակցութեան նախագահ Օմրան Խան երեքշաբթի ձերբակալուած է ներքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներու կողմէ Իսլամապատի բարձրագոյն դատարանի շէնքին մէջ: Այս մասին յայտնած է Geo-TV հեռուստաալիքը։

Հեռուստաալիքի տուեալներով՝ Խան կալանաւորուած է դատարանի կողմէ «Ալ Քադիր Թրասթ» հիմնադրամի միջոցներու ոչ նպատակային վատնման գործի քննութեան շրջածիրէն ներս: Նախկին վարչապետը ժամանած է դատարանի շէնք՝ իր նկատմամբ յարուցուած այլ գործերով գրաւը մուծելու համար։

Հեռուստաալիքի համաձայն՝ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները նախկին վարչապետի հետ միասին դատարանի տարածքը լքած են սեւ փիքափով։