Փաքիստանի Փենճապ նահանգին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկաններու եւ «Թեհրիք-ի-Լապպայք» արմատական իսլամական կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ, որու հետեւանքով 8 մարդ մահացած է:
Մահացածներէն չորսը իրաւապահներ են: Բախումներ բռնկուած են, երբ ոստիկանները փորձած են թոյլ չտալ արմատական կազմակերպութեան աքթիվիսթներու երթը դէպի Փաքիստանի մայրաքաղաք: Աքթիվիսթներու շարժման նպատակն էր հասնիլ կազմակերպութեան առաջնորդ Սաատ Հուսէյն Ռիզվիի՝ բանտէն ազատ արձակման:
Նշենք, որ վերջերս Փաքիստանի կառավարութիւնը տեղեկացուցած է, որ կազմակերպութիւնը պիտի դիտարկէ որպէս զինյալ խմբաւորում: