Հայաստան ներխուժած եւ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի (ԶՊՄԿ) պահնորդի սպանութեան համար դատապարտուած ատրպէյճանցի զինծառայող Հուսէյն Ախունտովի պատիժը խստացուած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Փաստինֆո» գործակալութիւնը։
Լրատուամիջոցը գրած է, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանը բաւարարած է Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի (ԶՊՄԿ) պահնորդ Հայրապետ Մելիքսեթեանի իրաւայաջորդներու բողոքը եւ Ախունտովը դատապարտած է ցմահ ազատազրկման՝ 20 տարուան ազատազրկման փոխարէն։
Յիշեցնենք` Ախունտովը, որ ապրիլ 10-ին ներխուժած էր ՀՀ տարածք, ապրիլ 12-ին Կապան համայնքի Շղարշիկ գիւղի մօտ սպանած էր Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատի անվտանգութեան աշխատակից Հայրապետ Մելիքսեթեանը: