image

Պէյրութի մէջ. Վառելանիւթի նոր տագնա՞պ

 Պէյրութի մէջ. Վառելանիւթի նոր տագնա՞պ

 Լիբանանեան լրասփիւռներ անցնող ժամերուն տեղեկութիւններ սկսան տարածել, ըստ որուն Լիբանանի մէջ վառելանիւթի եւ մասնաւորապէս պէնզինի նոր տագնապ մը սկսած է հասուննալ։

Նոյն առումով եւ ըստ Lebanon 24 կայքին մասնաւորապէս շաբաթ յետմիջօրէին երեւելի դարձած է, որ վառելանիւթի տասնեակ կայարաններ առանց բացատրութիւն տալու փակած են իրենց դռները։Իսկ բաց եղող կայարաններուն առջեւ նկատելի դարձած է քաղաքացիներու երկար հերթեր, որոնք կը փորձեն ապահովել իրենց պիտանի վառելանիթը։

Մինչեւ այս պահը այս տագնապին իսկական պատճառները կը մնան անյայտ, իսկ կարգ մը աղբիւրներ կը խօսին, որ քսան լիթր պէնզինի սակը կրնայ դառնալ 500 հազար լիբանանեան թղթոսկի։