Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։
Օրերս իր մահկանացուն կնքած է երիտասարդ հայուհի՝ Մարկրիթ Նիկոլեան (24 տարեկան)։
«Արեւելք»ի աղբիւրի հաղորդմամբ, Մարկրիթ մահացած է ծանր հիւանդութեան հետեւանքով առաջ եկած բարդութիւններու պատճառով։
Գաղութային մարմիններ եւ բարեսիրական միութիւններ կարեւոր ճիգեր գործադրած էին՝ նիւթական օժանդակութիւններ հաւաքելու, որպէսզի Մարկրիթ լիարժէք դարմանման արժանանայ, սակայն վերջին ամիսներուն անոր վիճակը կտրուկ կերպով վատացած էր եւ օրեր առաջ ան մահացաւ՝ տխրութեան դառն ալիք մը տարածելով զինք ճանչցած համայնքային շրջանակներուն մէջ։
Մարկրիթ փոքր տարիքէն մեծ սէր ունեցած է ուսողութեան հանդէպ եւ ան կարողացած էր փայլուն արդիւնքներու հասնիլ «Իւզէք» համալսարանին մէջ։
Մարկրիթի կեանքին կարեւորագոյն ոգեղէն շունչը զգացած եւ ապրած է Հայ եկեղեցւոյ հարազատ միջավայրին մէջ (Կիրակնօրեայ վարժարաններու ծիրէն ներս), ուր Մարկրիթ հասակ առած է, նախ որպէս անդամ, ապա որպէս ուսուցչուհի եւ դաստիարակ իր բոլորանուէր եռանդը ընծայած է՝ նորահաս սերունդին մէջ Քրիստոսի հանդէպ սէրն ու հաւատքը խթանելու։
Ահա թէ ինչ գրած են Մարկրիթի մտերիմները («Մայրավանք Կիրակնօրեայ» էջի ճամբով),որոնք իր նման հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւն մատուցելը դարձուցած են կեանքի օրինաչափութիւն.
«Սիրելի Մարկրիթ
Միացար երկնայիններու խումբին եւ մեր երկրային հրեշտակը դարձաւ երկնային հրեշտակ։
Աշակերտութեանդ առաջին իսկ օրերէն դէմքէդ կը ճառագայթէր կեանք, բարութիւն եւ ծառայութիւն։
Անցան տարիներ Սուրբ եկեղեցւոյ հովանիին տակ աճեցար, հասունցար, լեցուեցար հաւատքով եւ դարձար նուիրեալ ուսուցչուհի։
Ծառայասէր ոգիով, հաւատքով, սիրով եւ անսակարկ նուիրումով ծառայեցիր կիրակնօրեայ դպրոցին նոյնիսկ հիւանդանոցի անկողնին մէջ ծրագրեցիր աշխատանքներ եւ հսկեցիր մեր հաշիւներուն։
Ծառայութեամբդ գրաւեցիր բոլորիս սրտերը եւ անջնջելի տեղդ դրոշմեցիր։
Հանգչիր խաղաղութեամբ մեր հրեշտակը
Հանգչիր խաղաղութեամբ եկեղեցւոյ հարազատ զաւակը։Հանգչիր խաղաղութեամբ Յարութեան յոյսով»։
Նշենք, որ հայուհիի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 9-ին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։