image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Այսօր «Ցասման» օր է

   Պէյրութի մէջ. Այսօր «Ցասման» օր է

 Բոլոր առումներով չակերտեալ ցասման օր է Պէյրութի մէջ։

Արդարեւ առաւօտեան կանուխ ժամերէն եւ ընդառաջելով  Լիբանանի  աշխատաւորներու  եւ  հանրային փոխադրութեան սենտիքաներուն, հարիւրաւոր վարորդներ փակեցին Լիբանանի տարբեր քաղաքներու գլխաւոր մայրուղիները։

Նշենք, նաեւ, որ այս մասին յայտարարուած էր աւելի վաղ եւ երկիրը այսօր յայտնուած է ամբողջական անդամալուծման կարգավիճակի մը մէջ։Ինչ կը վերաբերի քաղաքական պատկերին, ապա աւելի քան յստակ է, որ վառելանիւթի թանկացման համար բողոքի դուրս եկած քաղաքացիներու պահանջները այնքան ալ «անմեղ» չեն ու չի բացառուիր, որ անցնող երեք տարիներուն Լիբանանի մէջ գոյացած քաղաքացիական հասարակութեան կողքին այս ցոյցերու ետին կը կանգնին երկրի նախագահ Զօր. Միշէլ Աունի մօտեցումներուն դէմ եղող կողմերը։ Իրավիճակը աւելիով կրնայ բարդանալ, սակայն աւելի քան պարզ է, որ ճանապարհներ փակելով, անիւներ հրկիզելով եւ խառնակչութիւն ստեղծելով լիբանանցիք պիտի չհասնանին իրենց նպատակներուն, կամ տնտեսական հարթութեան վրայ առկայ սուր տագնապը պիտի նուազի։Լիբանան մտած է նախընտրական վերջին փուլ մը, որուն մէջ ալ տարբեր կողմեր կը փորձեն պղտոր ջուրի մէջ «ձուկեր» որսալ կամ միաւորներ հաւաքել։

Պիտի հետեւինք զարգացումներուն։

 

  Arevelk.am