Գանատայի քաղաքացիութիւնը ինծի համար սոսկ փաստաթուղթ է, անցաթուղթ եւ վկայութիւն, որ ես այդ երկրի մէջ ապրեր եմ, եւ շատ շնորհակալ եմ, որ ապրեր եմ։ Այս մասին այսօր Հայաստանի լրագրողներու միութենէն ներս հանդիպման ժամանակ ըսած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք կը յաւակնի վարչապետի պաշտօնին եւ արդեօք պիտի հրաժարի Գանատայի քաղաքացիութենէն, որ կը խոչնդոտէ վարչապետ դառնալուն:
Բագրատ Սրբազան ընդգծած է, որ եթէ պէտք է հրաժարիլ Գանատայի քաղաքացիութենէն, ապա ինքը կը հրաժարի, եթէ պէտք է չհրաժարիլ, չի հրաժարիր։
«Այդ անձնագիրն ինձ տրուել է ոչ թէ ծառայութեան դիմաց, այլ այնտեղ լինելու` որպէս հոգեւոր առաջնորդ, պահանջուած բոլոր օրինական ճանապարհներով, մեր երկրի պէս «ախպերութեամբ» չի տրուել»,–ըսած է Սրբազանը։
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Գանատայի մէջ բազմաթիւ ընկերներ ունի ինչպէս հայ համայնքի մէջ, այնպէս ալ Գանատայի հասարակական, քաղաքական եւ հոգեւոր շրջանակներու մէջ։
«Ամէն վայրկեան այն, ինչ կը պահանջուի իմ սեփական երկրին` Հայաստանի Հանրապետութեանը, Արցախի Հանրապետութեանը, որը չարիքի ձեռքով դարձաւ մեզ համար հեռաւորութեան վրայ, այն, ինչ կը ծառայի իմ հայրենիքին, ես ոչ միայն հրաժարուելուն եմ պատրաստ, այլեւ ինքս ինձ յանձնելու այն նպատակին, որն այսօր անում եմ փողոցում»,–ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդը։