Կազայի հատուածը կը պատկանի պաղեստինցի ժողովուրդին եւ կը հանդիսանայ պաղեստինեան տարածքի անբաժանելի մաս. այս մասին յայտարարած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Վան Եին՝ ընդգծելով, որ Կազայի հատուածի կարգավիճակը բռնի փոխելու որեւէ փորձ պիտի յանգեցնէ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ միայն հետագայ ցնցումներու ու քաոսի։
«Մենք կ՚աջակցինք Եգիպտոսի եւ արաբական պետութիւններու՝ Կազայի հատուածի խաղաղ վերականգնման ծրագրին... Ընդհանուր ընդունուած կանոնները չեն կրնար խախտուիլ։ Խոշոր պետութիւնները, որոնք իսկապէս մտահոգ են Կազայի հատուածի բնակչութեան համար, պէտք է նպաստեն կրակի լիարժէք եւ տեւական դադրեցման, մեծցնեն մարդասիրական օգնութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով «Պաղեստինցիները կը կառավարեն Պաղեստինը» սկզբունքին եւ նպաստեն Կազայի հատուածի վերականգնման», -ըսած է նախարարը:
Ան ընդգծած է, որ առանց խաղաղ Մերձաւոր Արեւելքի, ամբողջ աշխարհի մէջ խաղաղութեան մասին խօսք չի կրնար ըլլալ. մերձաւորարեւելեան կարգաւորման առանցքը կը մնայ պաղեստինեան հարցը։
«Պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան երկարացման եւ սրման էութիւնն այն է, որ «երկու պետութիւններու» ծրագիրը կիսով չափ իրականացուած է. Իսրայէլ պետութիւնը վաղուց հիմնադրուած է, իսկ պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը յետաձգուած է անորոշ ժամանակով։ Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը առաջնահերթութիւն տայ երկու պետութիւններու ծրագրի շրջածիրէն ներս Պաղեստին անկախ պետութեան ստեղծման։ Ի վերջոյ, սա է Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ իրական խաղաղութեան, եւ ընդհանրապէս արաբներու եւ հրեաներու միջեւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան երաշխիքը», - նշած է դիւանագէտը։
Վան Եին յայտարարած է, որ որպէս Մերձաւոր Արեւելքի ռազմավարական գործընկեր եւ արաբական աշխարհի վստահելի բարեկամ՝ Չինաստանը պիտի շարունակէ վճռականօրէն իր ձայնը բարձրացնել յանուն արդարութեան, խաղաղութեան եւ զարգացման՝ աջակցելով Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդին: