image

Պէտք չէ թոյլ տանք, որ Լիբանանը Իսրայէլի ձեռքով վերածուի Կազայի. Փեզեշքիան

Պէտք չէ թոյլ տանք, որ Լիբանանը Իսրայէլի ձեռքով վերածուի Կազայի. Փեզեշքիան

Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժումը կանգնած է մինչեւ ատամները զինուած թշնամիի դէմ, որուն հասանելի են առաջադէմ զինատեսակները եւ որուն կ՚աջակցին Միացեալ Նահանգները, Եւրոպան. այս մասին Նիւ Եորքի մէջ ըսած է Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը, գրած է Tasnim գործակալութիւնը:

Ան ընդգծած է, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ Լիբանանը Իսրայէլի ձեռքով վերածուի հերթական Կազայի:

«Լիբանանի վրայ Սիոնիստական ռեժիմի լայնածաւալ յարձակումները մարդասիրական ճգնաժամ են, որոնք տարածաշրջանն աւելի մեծ հակամարտութեան մէջ ներքաշելու վտանգ կը պարունակեն։ «Հըզպալլա»-ն չի կրնար մինակ կանգնիլ Իսրայէլի դէմ, որուն կը պաշտպանեն, կ՚աջակցին արեւմտեան, եւրոպական երկիրները։ Ուստի մենք պէտք է կանխենք Իսրայէլի յանցաւոր գործողութիւնները», -ըսած է Իրանի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի բռւռն օդային հարուածները հարաւային Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա» շարժման թիրախներու ուղղութեամբ, դարձած են 492 մարդու զոհուելու եւ 1645-ի վիրաւորուելու պատճառ: Ընդհանուր առմամբ, հասցուած է 1,600 հարուած:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը երկուշաբթի առաւօտեան յայտարարած էր, որ լայնածաւալ օդային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա» շարժման թիրախներուն: Բանակի պնդմամբ՝ Լիբանանի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները նախազգուշացուած էին, անոնց կոչ եղած էր արագ հեռանալու այն տուներէն, որոնք «Հըզպալլա»-ն կ՚օգտագործէ զէնք պահելու համար:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ օդուժը կը թիրախաւորէ այն տուները, ուր «Հըզպալլա» «հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր» կը պահէ: Լիբանանի հարաւի հազարաւոր բնակիչներ երէկուընէ կը շտապեն հեռանալ բնակավայրերէն:

Հաղորդուած է, որ «Հըզպալլա»-ը իր հերթին երկուշաբթի աւելի քան 200 հրթիռ արձակած է, իսկ անցած գիշեր՝ 20: Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Իսրայէլի հիւսիսի մէջ դպրոցները փակուած են:

Ելոյթ ունենալով Թէլ Աւիւի ռազմական շտաբի ստորգետնեայ հրամանատարական սենեակէն՝ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ըսած է, որ Իսրայէլը կը փոխէ ուժերու հաւասարակշռութիւնը «Հըզպալլա»-ի հետ: