image

Պետական դաւաճանութեան նոր դէպք մը գրանցուած է. ԱԱԾ

Պետական դաւաճանութեան   նոր դէպք մը գրանցուած է. ԱԱԾ

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ռազմական հակահետախուզութեան բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հետախուզական արդիւնաւէտ միջոցառումներու արդիւնքով պարզուած է, որ ՀՀ քաղաքացին, հանդիսանալով զինուոր, ծառայութեան բերումով տիրապետած է ուսումնական կեդրոն հանդիսացող N զօրամասի հրամանատարական կազմի, սպառազինութեան, ռազմական սարքի եւ զինուորներու թուաքանակի, ինչպէս նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան որոշ ստորաբաժանումներու տեղակայման վայրերուն վերաբերեալ:

ԱԱԾ-ն յայտնած է, որ «նկարագրուած պայմաններում վերջինս «ok.ru» ընկերային ցանցի միջոցով ծանօթանալով օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցչի հետ, հաւաքագրուել է նրա կողմից, որից յետոյ 2.000.000 ՀՀ դրամ վարձատրութիւն ստանալու խոստման դիմաց նկարելու եւ վոթսափ յաւելուածով ուղարկելու, ինչպէս նաեւ նոյն յաւելուածով պարբերաբար տեսազանգեր կատարելու ու հաղորդագրութիւններ ուղարկելու միջոցով հաւաքել եւ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնների ներկայացուցչին է փոխանցել իրենց զօրամասի շէնքերի եւ շինութիւնների, սպառազինութեան, ռազմական զրահասարքերի, մարտական ու փոխադրական մեքենաների քանակի եւ տեսակների, ուսումնական կեդրոնում զօրավարժութիւններ իրականացնող հետախուզական եւ այլ ստորաբաժանումների քանակի ու սպառազինութեան, անցկացուող պարապմունքների նպատակների վերաբերեալ տուեալներ, լուսանկարներ»:

Պետական դաւաճանութեան դէպքի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքին մէջ յարուցուած քրէական գործի շրջանակներու մէջ ՀՀ քաղաքացին ձերբակալուած եւ տուած է խոստովանական ցուցմունք, որմէ յետոյ քրէական գործով հաւաքուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ վերջինս ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը: