image
Հրատապ լուրեր:

Պերլինի մէջ քստմնելի արարք. Հայ վարորդը պատճառ դարձած է անձի մահուան եւ ուրիշներու վիրաւորման

   Պերլինի մէջ քստմնելի արարք. Հայ վարորդը պատճառ դարձած է անձի մահուան եւ ուրիշներու վիրաւորման

 Պատահարին հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ (զոհը՝ ուսուցչուհի մըն է) եւ վիրաւորուած են 14 անձեր (որոնց 6-ը ծանր վիճակ ունին)։

 

 Դէպքին տուն տուող պատճառները ցարդ անյայտ են եւ ըստ Գերմանիոյ ԶԼՄ-ներու կողմէ տարածուած լուրերուն անձը Գոռ անունով երիտասարդ մըն է (անհատը ունի ՀՀ-ի եւ Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն), որ հաւանաբար ունեցած է հոգեկան խախտումներ։ 

Պերլինի մէջ ցնցիչ պատահար մը գրանցուած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գերմանիոյ իր աղբիւրէն։

Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ այսօր յետմիջօրէին Պերլինի հարաւը գտնուող եւ ամենաբանուկ թաղամաս եղող Kurfürstendamm թաղամասին մէջ ինքնաշարժի մը վարորդը իր մեքենան քշած է անձորդներու ուղղութեամբ, որոնց մեծ մասը եղած են աշակերտներ։

Պատահարին հետեւանքով զոհուած է մէկ անձ (զոհը՝ ուսուցչուհի մըն է) եւ վիրաւորուած են 14 անձեր (որոնց 6-ը ծանր վիճակ ունին)։

 Դէպքին տուն տուող պատճառները ցարդ անյայտ են եւ ըստ Գերմանիոյ ԶԼՄ-ներու կողմէ տարածուած լուրերուն անձը Գոռ անունով երիտասարդ մըն է (անհատը ունի ՀՀ-ի եւ Գերմանիոյ քաղաքացիութիւն), որ հաւանաբար ունեցած է հոգեկան խախտումներ։ 

Պատահարէն անմիջապէս ետք, որոշ շրջանականեր փորձած են քաղաքականցնել պատահարը նկատել տալով, որ վարորդի ինքնաշարժին մէջ կան կասկածելի թռուցիկներ։

 Նկատելի է նաեւ, որ Գերմանիոյ հայկական շրջանակներ մօտէն կը հետեւին զարգացումներուն, անշուշտ դատապարտելով եղածը եւ վշատկցութիւն ու զօրակցութիւն յայտնելով զոհի հարազատներուն, ու նաեւ վիրաւորներուն ու անոնց պարագաներուն։

 

 Նշենք նաեւ, որ դէպքէն անմիջապէս ետք Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. Իսախանեան եղածին   վերաբերեալ  հանդէս եկած է գրառումներով, որ պիտի ներկայացուին Arevelk.am-ի կողմէ աւելի ուշ։

 

Նշենք նաեւ, որ Գերմանիոյ հասարակութեան համար դէպքին վայրը կը յուշէ շատ տխուր պատահար մը, որ տեղի ունեցած էր 2016-ին, երբ իսլամիստ յանցագործ մը իր մեքենան քշած էր անցորդներու վրայ սպաննելով 12 անձեր։