image

Պելառուսիոյ սահման. Փախստականներու թիւը կ՚աճի

Պելառուսիոյ սահման. Փախստականներու թիւը կ՚աճի

Լեհաստանի ու Պելառուսիոյ սահմանին` Քուզնիցայի անցակէտին մօտ փախստականներու թիւը հասած է 1500-ի: Այս մասին RMF ռատիոյին յայտնած է Լեհաստանի ներքին գործոց նախարար՝ Մարիուշ Քամինսքին:

«Փախստականներու ճամբարը անընդհատ աճի մէջ է», ըսած է նախարարը՝ պնդելով, որ ճամբարը ամբողջութեամբ կը գտնուի պելառուսական կողմի վերահսկողութեան տակ: «Մենք կը հետեւինք, թէ ինչպէս պելառուսական իշխանութիւնները փախստականներուն կը հասցնեն մթերք, քնապարկեր, վրաններ, փայտ, կացին, դանակներ», յայտարարած է Քամինսքին:

Ան հաւաստիացուցած է, որ լեհական կողմը բաւարար ուժեր ուղարկած է սահման՝ իրավիճակը վերահսկելու նպատակով: Քամինսքիի խօսքով՝ այդ հատուածին ծառայութեան մէջ կը գտնուին 13 հազար զինծառայող, 4500 սահմանապահ եւ 2000 ոստիկան:

Ընթացիկ տարուայ մէջ Լեհաստանի սահմանապահները կանխած են Պելառուսիոյ հետ սահմանը ապօրինի հատելու աւելի քան 33 հազար փորձ: