image

Պայտընի օրօք ԱՄՆ սահմանի ապօրինի հատումները աճած են 277 տոկոսով

Պայտընի օրօք ԱՄՆ սահմանի ապօրինի հատումները աճած են 277 տոկոսով

Նախորդ տարուան ընթացքին գաթականները շարունակած են գրեթէ մրցանշային ցուցանիշներով ապօրինաբար հատել Միացեալ Նահանգներու սահմանը, գրած է Daily Mail-ը:

Միացեալ Նահանգներու սահմանապահ ծառայութիւնը 2023-ին գրանցած է առանց փաստաթուղթերու գաղթականներու կողմէ սահմանի 2,063,692 հատում, որ շատ քիչ կը զիջի 2022 թուականին գրանցուած մրցանշային բարձր ցուցանիշին:

Նախագահ Ճօ Պայտընի պաշտօնավարման առաջին երեք տարուան ընթացքին սահմանապահ ծառայութիւնը գրանցած է ընդհանուր առմամբ 5,940,511 հատում, որ 277 տոկոսով աւելի է հանրապետական Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարման նոյն ժամանակահատուածի համեմատ՝ 2017-էն 2019 թուականներուն, համաձայն Միացեալ Նահանգներու մաքսային եւ սահմանապահ ծառայութեան տուեալներու:

Հանրապետականները Պայտընը մեղադրած են ապօրինի ներգաղթեալներու թիւի աճի համար, այն բանէ ետք, երբ ան թոյլցուցած է Թրամփի ժամանակաշրջանի սահմանափակումներու քաղաքականութիւնը՝ այդ սահմանափակումները որակելով «անմարդկային եւ անարդիւնաւէտ»:

Ներգաղթը եւ սահմանի հետ կապուած հարցերը կը մնան պահպանողական ընտրողներու գլխաւոր մտահոգութիւնը նոյեմբեր 5-ի ընտրութիւններէն առաջ: