Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը յստակ սահման քաշած է «քաղաքակրթութեան ուժերու եւ բարբարոսութեան ուժերու միջեւ»: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:
«Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի այսօր այստեղ գալու եւ Իսրայէլին այս դժուարին ժամանակներուն մէջ ցուցաբերած միանշանակ աջակցութեան համար, որ կ'արտացոլէ ամերիկացի ժողովուրդի ճնշող մասի կամքը», -ըսած է Նաթանիահուն:
Ան Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ համագործակցութիւնն անուանած է «իսկապէս աննախադէպ»:
Նշենք, որ 18 հոկտեմբերին Պայտըն ժամանած է Իսրայէլ. Թէլ Աւիւի օդակայանին մէջ անոր դիմաւորած են վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, նախագահ Իսհակ Հերցոկը, Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայքլ Հերցոկը եւ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Սթեֆանի Հալեթը։