ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն ԱՄՆ Քոնկրեսի դեմոկրատական խմբակցութիւններու ղեկավարութեան ուղղուած նամակին մէջ յայտարարած է, որ մտադիր չէ դուրս գալու ընտրապայքարէն եւ վստահութիւն յայտնած է հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփին յաղթելու հարցով։
Ամերիկացի առաջնորդը նամակի բովանդակութիւնը հրապարակած է X-ի էջին:
Ինչպէս ըսուած է նամակին մէջ, Սպիտակ տան ղեկավարը, «հակառակ մամուլի մէջ շրջանառուող շահարկումներուն, վճռական է մնալ նախընտրական մրցավազքին մէջ, հասցնել այն աւարտին եւ յաղթել Տանըլտ Թրամփին»։
«Ես չէի ձգտիր վերընտրուելու, եթէ լիովին վստահ չըլլայի, որ որեւէ մէկէն առաւել քան յարմար թեկնածու եմ 2024 թուականին Տանըլտ Թրամփին յաղթելու համար», - ըսած է նախագահը:
Յիշեցնենք, որ ԱՄՆ-ի մէջ նախագահական ընտրութիւնները նշանակուած են նոյեմբեր 5-ին: ԱՄՆ նախագահի թեկնածուներ Պայտընի եւ Թրամփի առաջին հեռուստաբանավէճէն ետք ԱՄՆ-ի մէջ աշխուժացած են գործող նախագահը այլ թեկնածուով փոխարինելու քննարկումները. պատճառը Պայտընի չափազանց անյաջող ելոյթն էր այդ բանավէճին: