ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն պատրաստ է հանդիպելու Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ընի հետ, եթէ վերջինս լրջօրէն մօտենայ բանակցութիւններուն:
«Ինչ կը վերաբերի Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին հետ հանդիպման հարցին, ապա, այո՛, այդ կախուած պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքանով ան անկեղծ ու լուրջ է,- յայտարարած է Սպիտակ տան ղեկավարը` պատասխանելով նման հանդիպման պատրաստակամութեան եւ անոր նախապայմաններու մասին հարցին: