image

Պայտըն. «Իսրայէլին ցոյց տրուող մեր նեցուկը անմնացորդ է»

Պայտըն. «Իսրայէլին ցոյց տրուող մեր նեցուկը անմնացորդ է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ զրոյցին խոստացած է, որ Իսրայէլը պիտի շարունակէ ստանալ անհրաժեշտ միջոցները պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման դէմ պայքարի համար։

Այս մասին, ինչպէս գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն, յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Ճոն Քըրպին։

«Նախագահն այսօր Նաթանիահուի հետ զրոյցին հասկցուցած է, որ մենք պիտի շարունակենք ապահովել Իսրայէլին անհրաժեշտ գործիքներով եւ միջոցներով», -ըսած է ան լրագրողներուն՝ պատասխանելով ՀԱՄԱՍ-ի դէմ Իսրայէլի շարունակական պայքարի վերաբերեալ հարցին:

Քըրպին ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները մտադիր է «շարունակել օգնութիւն տրամադրել» Իսրայէլին։