Փենթակոնի ղեկավար Լլոյտ Օսթին զրոյց ունեցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Կացի հետ, յայտնած են Փենթակոնէն։
«Պաշտպանութեան քարտուղար Լլոյտ Օսթինն այսօր զրուցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Կացի հետ՝ քննարկելու տարածաշրջանային սպառնալիքները, Իսրայէլի ներկայ գործողութիւնները եւ վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու անսասան յանձնառութիւնը Իսրայէլի անվտանգութեան հարցով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Օսթին նաեւ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը Լիբանանի մէջ իրավիճակի դիւանագիտական լուծման եւ Իսրայէլի կառավարութեան կոչ ըրած է շարունակելու քայլեր ձեռնարկել Կազայի հատուածի մէջ մարդասիրական սարսափելի իրավիճակը բարելաւելու համար: