image

Պայտըն Իսրայէլէն պիտի պահանջէ ռազմական օգնութիւն տրամադրել Քիեւին

Պայտըն  Իսրայէլէն պիտի պահանջէ ռազմական օգնութիւն տրամադրել  Քիեւին

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն հինգշաբթի Երուսաղէմի մէջ կայանալիք հանդիպման ժամանակ մտադիր է խնդրել Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտէն մեծացնել Ուքրանիոյ տրամադրուող ռազմական օգնութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Axios» կայքը՝ վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնեաները։

«Հինգշաբթի Պայտընը Լափիտէն պիտի խնդրէ մեծցնել Իսրայէլի ռազմական օգնութիւնն Ուքրանիոյ», - ըսուած է կայքի հաղորդագրութեան մէջ։

Ինչպէս նշուած է, մինչ այս պահը Իսրայէլ Ուքրանիոյ ժամանակակից զինամթերք չէ մատակարարած։