image

«Պատրաստ ենք մեղմացնել պատիժները».Նուլանտ

«Պատրաստ ենք մեղմացնել պատիժները».Նուլանտ

ԱՄՆ վարչակազմը պատրաստ է դիտարկելու Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու մեղմացման հնարաւորութիւնը՝ Ուքրանիոյ հարցով լուրջ բանակցութիւններու կայացման պարագային։ Այս մասին հինգշաբթի յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտը, գրած է ԹԱՍՍ-ը։

«Լուրջ բանակցութիւններ վարելու, իր ուժերը Ուքրանիայէն դուրս բերելու եւ տարածքը վերադարձնելու Ռուսիոյ որոշման պայմաններուն ես, ի հարկէ, կ'աջակցէի, եւ կը կարծեմ, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքընը նոյնպէս կ'աջակցի», - ըսած է Նուլանտ՝  ԱՄՆ Քոնկրէսի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին լսումներու ժամանակ՝ մեկնաբանելով Ուաշինկթընի կողմէ Մոսկուայի նկատմամբ որոշ սահմանափակումներու վերացման հնարաւորութիւնը։